2015-10-28 10:26:00

Միջկրօնական ընդհանուր ունկնդրութիւն` ''Nostra aetate''ի յիսնամեակի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 28 հոկտեմբերին կը նշուի Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի` կաթողիկէ եկեղեցւոյ այլ կրօններու հետ յարաբերութիւններուն հայող  ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթի հրապարակումին 50րդ տարեդարձը որ վաւերացուած է 28 հոկտեմբեր 1965-ին։

Այս առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, աւանդական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ միջ կրօնական ունկնդրութիւն մասնակցութեամբ այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն ու անոնց հաւատացեալներուն։

Այս առթիւ խօսք առին յաջորդաբար Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան, միջկրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ եւ Կարդինալ Քիւրդ Քոխ, Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան իր ճառը նուիրուած ''Nostra aetate''ի վատիկանեան վաւերաթուղթին որուն սկիզբը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, հրապարակային ունկնդրութիւններուն յաճախ կը մասնակցին այլ կրօններու պատկանող անձեր ու խումբեր, այսօր սակայն այս իրենց ներկայութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ միասնաբար կ՛ոգեկոչենք ''Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթի յիսնամեակը հայող` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ոչ քրիստոնեայ կրօններու յարաբերութիւններուն։

Այս թեման մեծապէս կը խօսէր Պօղոս Զ քահանայապետի սրտին որ Տիեզերական ժողովին կանխող տարին հաստատած էր ''ոչ քրիստոնեաներուն քարտուղարութիւնը'' որ այսօր դարձած է Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդ։ Ասոր համար իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ու բարի գալուստի ողջոյնս կ՛ուղղեմ այլ կրօններու հաւատացեալներուն որոնք այսօր ուզեցին մեր մէջ գտնուիլ­,  յատկապէս անոնց որոնք կու գան հեռու վայրերէն։

Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը հանդիսացաւ խոկումի, երկխօսութեան եւ աղօթքի յատուկ ժամանակաշրջան նորոգելու համար Եկեղեցւոյ Հայեացքը ինքն իր վրայ ու աշխարհի վրայ` մնալով հաւատարիմ եկեղեցական աւանդութեան ու հաւատարիմ ժամանակակից մարդոց պատմութեան։

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթը միշտ այժմէական  է ու նշեց մի քանի կէտեր.

- Ազգերու փոխ կախուածութիւնը մէկը միւսէն։

- Կեանքի, տառապանքի ու մահուան իմաստներուն մարդկային փնտռտուքը` հարցադրանքներ որոնք միշտ կ՛ընկերանան մեր ուղեւորութեան։

- Մարդկութեան միեւնոյն ծագումն ու ճակատագիրը

- Մարդկային ընտանիքի ''միակութիւնը'

- Կրօնները որպէս զանազան ցեղերու ու մշակոյթներու փնտռտուք Աստուծոյ ու Բացարձակին` ։

- Եկեղեցւոյ բարեացակամ եւ ուշադիր հայեացքը կրօններու հանդէպ. Ան երբեք չի հերքեր այն ինչ որ գեղեցիկ  եւ ճշմարիտ է։

- Եկեղեցին յարգանքով կը դիտէ միւս կրօններու հաւատացեալները ու կը գնահատէ անոնց հոգեւոր եւ բարոյական յանձնառութիւնը։

- Եկեղեցին բաց է երկխօսութեան բոլորին հետ, ու միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ է իր հաւատքի ճշմարտութիւններուն, սկսեալ փրկագործութեան ճշմարտութենէն որ նուիրուած է բոլորին եւ որ իր ծագումը կը գտնէ Յիսուսին մէջ, Միակ Փրկիչը ու թէ Սուրբ Հոգին միշտ կը գործէ որպէս աղբիւր խաղաղութեան ու սիրոյ։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց այն բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն եւ անձնական ու պաշտօնական յարաբերութիւններուն` ընդմէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ոչ քրիստոնեայ կրօններուն  յիսուն տարիներու ընթացքին, յատկապէս նշելով 27 հոկտեմբեր 1986-ին Ասսիզիի միջ կրօնական հանդիպումը, որ իրականացաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս յիսուն տարիներու ընթացքին կատարուած յեղաշրջումին` հայող քրիստոնեաներու եւ հրեաներու միջեւ կապին։ ''Օտարական ու թշնամութենէն ետք դարձանք բարեկամ եւ եղբայրներ'' ըսաւ Քահանայապետը ու այս կը պարտինք Nostra ætate վաւերաթուղթին որ յայտնաբերեց քրիստոնեայ – հրեայ արմատները։

''Իրար ճանաչումը ու փոխադրած յարգանքը հիմն են ուղեւորութեան` բոլոր կրօններու միջեւ յարաբերութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց Իսլամներուն հաստատելով թէ անոնք եւս կը պաշտեն Միակ Աստուածը, կենդանի, ողորմած ու ամենակալ, արարիչ երկրի եւ երկինքի որ խօսեցաւ մարդոց'' ապա շեշտեց թէ երկխօսութիւնը որուն կարիքը ունինք չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ բաց ու յարգելից որպէսզի դառնայ պտղատու։

Աշխարհը կը նայի մեզի հաւատացեալներուս ու մեզ կը խրախուսէ համագործակցելու նաեւ բարի կամք ունեցող անհաւատ մարդոց հետ ու մեզմէ կը պահանջէ պատշաճ պատասխաններ հայող զանազան հարցերու` խաղաղութիւն, անօթութիւն, միլիոնաւոր մարդիկ հարուածող թշուառութիւն, բնապահպանութեան տագնապ,  բռնութիւն` յատկապէս կրօնի անունով գործադրուող, կաշառակերութիւն, բարոյական անկում, ընտանիքի տագնապ ու տագնապ տնտեսութեան, ու յատկապէս յոյսին։

Մենք հաւատացեալներս լուծումներ չունինք այս հարցերուն սակայն ունինք մեծ կարելիութիւն` ''աղօթքը'' որ է մեր գանձը։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց բռնութեան ու ահաբեկչութեան որուն հետեւանքով յառաջացաւ կասկածը եւ նոյնիսկ կրօններու դատապարտումը ապա հաստատեց թէ երկխօսութիւնը` հիմնուած վստահութեան վրայ կրնայ բարի սերմեր յառաջացնել որոնք իրենց կարգին կը դառնան բարեկամութեան ու համագործակցութեան ծաղիկներ։

Մենք կրնանք միասնաբար քալել մէկը միւսին հոգալով ու խնամք տանելով արարչագործութեան­, իրականացնելով միասնական ծրագիրներ  յաղթահարելու համար աղքատութիւնը ու ամէն մէկ այր մարդու ու կնոջ ապահովելու արժանավայել կեանք մը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Ողորմութեան Յոբելեանին որ հնարաւոր առիթ կը հանդիսանայ համագործակցելու համար եղբայրօգնութեան մարզէն ներս։  Ողորմութիւն մը որ կը նեռարէ համայն արարչագործութիւնը` զոր Աստուած մեզի յանձնեց որպէսզի ըլլանք անոր պահապանները եւ ոչ թէ չարաշահողները կամ աւելի գէշ` զայն կործանողները։ Պէտք ենք միշտ գործել այն դիտաւորութեամբ` մեր ետին թողելու աշխարհ մը որ աւելի լաւ ըլլայ քան այն աշխարհը զոր գտանք։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը իր ճառին աւարտին, միջ կրօնական երկխօսութեան ապագային համար, առաջին գործը` աղօթելն է։

Առանց Տիրոջ ոչ մէկ բան կարելի է։ Անոր հետ ամէն ինչ կարելի կը դառնայ։ Թող մեր աղօթքը ըլլայ կատարել Աստուծոյ կամքը որ կը փափաքի որ բոլոր մարդիկը իրար զիրար ճանչնան որպէս եղբայրներ ու ապրին եղբայրութեամբ, կազմելով մարդկային մեծ ընտանիք մը բազմազանութեան ներդաշնակութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.